Ուրբաթ 6 մարտին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ Արարատ Միրզոյեանն ու Հաքան Ֆիտանը քննարկած են Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները` մտահոգութիւն յայտնելով իրավիճակի շարունակական սրման կապակցութեամբ:
Անոնք կարեւոր նկատած են շրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատումը:
Աւելի կանուխ նոյն նիւթով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած էր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ: