Skip to Content

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ ԻՐԱՆԻ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՊԱՀԱԿԱԳՈՒՆԴԻՆ ԿՈՂՄԷ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՆԽԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

Politics
08 մարտի, 2026 թ. by
Raffi Tokmakjian
| No comments yet

Ազրպէյճանի Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը կը պնդէ, որ կանխած է Իրանի յեղափոխական պահակագունդին կողմէ կազմակերպուած շարք մը «ծրագրաւորուած ահաբեկչական, ներթափանցումի եւ հետախուզական գործողութիւններ»

Ըստ ազրպէյճանական զանգուածային լրատուամիջոցներուն տարածած հաղորդագրութիւններուն, գործողութիւններուն թիրախ էին Ազրպէյճանի կարեւորագոյն ենթակառուցուածքները եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաները: Նպատակակէտերու շարքին էին «Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղատարը եւ Պաքուի մէջ Իսրայէլի դեսպանատունը, սինակոկը եւ այլն:

Կը նշուի, որ «ահաբեկչական ծրագիրները» խափանուած են, կան կալանաւորներ, ներառեալ Իրանի եւ Ազրպէյճանի քաղաքացիներ:

in News
Raffi Tokmakjian 08 մարտի, 2026 թ.
Share this post
Tags
Archive
Sign in to leave a comment